2009-02-06 12:51:30

Պօղոս առաքեալի յոբելեան տարի` (Հռոմայեցւոց 1, 1)

 


Պօղոս առաքեալի յոբելեան տարի` (Հռոմայեցւոց 1, 1)



    Պօղոս, ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի


Ճշմարիտ ծառան Քրիստոսի ան է որ իր բոլոր սրտով ու հոգւով նուիրուած է Քրիստոսի եւ անոր բոլոր կամքը պատրաստ է կատարելու։

Ճշմարիտ ծառան միշտ արթուն է եւ իր Տիրոջ քովէն չի հեռանար, որպէսզի Տիրոջ ամէն մէկ հրամանին` պատրաստ ըլլայ անոր ծառայելու։

Ճշմարիտ ծառան հաւատարիմ է եւ չի լքեր իր Տէրը ուրիշներու ետեւէն երթալով։

Ճշմարիտ ծառան պարտաճանաչ է եւ իր բոլոր պարտականաթիւնները կը կատարէ առանց գանգատելու։

Ճշմարիտ ծառան միշտ ուրախութեամբ կը ծառայէ իր Տիրոջ եւ ոչ թէ տրտնջալով։



    Կոչումով` առաքեալ


Պօղոս կանչուած է Տիրոջ կողմէ – կը նշանակէ թէ ան զբաղում մը ունէր եւ Տէրը զինք դուրս հանած է այդ զբաղումէն, խնդրելով որ ուրիշ բանի զբաղեցնէ ինքզինք։

Կոչումը շնորհք մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ եւ չի համապատասխաներ որեւէ մեր յատկութեան կամ կարողութեան։

Կոչումը բոլորովին ձրի կոչ մըն է Աստուծոյ կողմէ ամէն ինչ թողլու եւ իրեն հետեւելու։

Կոչումը կրնայ նոյնիսկ հակառակիլ մեր կատարած ընտրութեան։

Պօղոս ինքզինք կը դասէ առաքեալներու դասին մէջ. Կը զգայ թէ Քրիստոսի ընտրութիւնը այդ ուղղութեամբ եղած է իրեն։

Շնորհքը որ Աստուած կու տայ Պօղոսի բացառիկ է եւ կ՛ընդունուի միւս առաքեալներէն։



    Ընտրուած` քարոզելու Աստուծոյ աւետարանը


Աւետարանը, իր ամբողջութեան մէջ, պատգամն է Քրիստոսի, անոր կեանքը, գործունէութիւնը, հրաշքներն ու խօսքերը։

Այս պաշտօնին համար ընտրուած ըլլալ կը նշանակէ զատուած ըլլալ միւս հաւատացեալներէն անոնցմէ աւելի բարձր պատասխանատուութեան մը համար։

Քարոզը միայն խօսքով չէ որ կը տրուի, այլ մանաւանդ գործով եւ բարի օրինակներով։

Աստուծոյ աւետարանը ապրիլ, այսինքն Յիսուսի տուած պատուիրանին համաձայն ընթանալ` լաւագոյն քարոզութիւնը կը հանդիսանայ։

Որպէսզի քարոզը իր ազդեցութիւնն ունենայ հոգիներուն մէջ` քարոզող անձը պարտի նաեւ աղօթել անոնց համար որոնք մտիկ կ՛ընեն իր ձայնին, որպէսզի Սուրբ Հոգին իր բարերար ազդեցութինը գործէ անոնց վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.